ՍկզբնաէջըՎատիկանի
  Ձայնասփիւռ
Վատիկանի
  Ձայնասփիւռ  

Դասակարգումներ

  Սէր եւ զօրութիւն


  Եկեղեցի


  Մշակոյթ եւ    ընկերութիւն


  Վատիկանեան
   վաւերագրեր



  Համամիութիւն


  Սիւնոդոս


  Ընտանիք


  Երիտասարդներ


  Արդարութիւն եւ    խաղաղութիւն


  Քաղաքականութիւն


  Կրօնք եւ երկխօսութիւն


  Գիտութիւն եւ    բարոյագիտութիւն


  Ունկնդրութիւն եւ    «Հրեշտակ Տեառն»


  Առաքելական    ճամբորդութիւններ



cx_t16


 Սկզբնաէջը > Ունկնդրութիւն եւ Հրեշտակ Տեառն  > լուրեր


06/11/2009 13.42.06



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան տեղեկութիւններ







Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Հոգեհանգստեան պատարագ 2009ին վախճանած կարտինալներու ու եպիսկոպոսներու համար։

Հինգշաբթի 5 նոյեմբեր 2009-ի առաւօտեան ժամը 11.30ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց հոգեհանգստեան պատարագը 2009ին վախճանած կարտինալներու ու եպիսկոպոսներու համար։ Իր արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց սաղմոսերգուին սա խօսքը. ՜՜ինչպիսի ուրախութիւն, երբ ինծի ըսուեցաւ Տիրոջ տունը պիտի երթամ՝՝։ Սաղմոսերգուին այս խօսքը, ըսաւ Սրբազան հայրը, կը հրաւիրէ մեզ որ մեր ակնարկը ուղղենք դէպի Տիրոջ տունը, դէպի երկինք, ուր խորհրդաւոր կերպով համախմբուած են սուրբերու շարքը, որ Եկեղեցին տօնակատարեց նոյեմբեր մէկին՝ Ամենայն Սրբոց տօնին օրը։

Ամենայն Սրբոց տօնին յաջորդեց հաւատացեալներու օր մեռելոցը։ Այս երկու յիշատակութիւնները ոգեկոչուած աղօթքով ու հաւատքի ներգործութեամբ, կ'օգնեն մեզի լաւագոյնս ըմբռնելու Եկեղեցւոյ խորհուրդը իր ամբողջութեամբ, եւ միշտ աւելի լաւ ըմբռնելու թէ մեր կեանքը պէտք է ըլլայ շարունակական սպասումի հսկում, ուխտագնացութիւն մը դէպի յաւիտենական կեանք` վերջնական լրում, որ իմաստ ու լիութիւն կու տայ մեր երկրաւոր կեանքին։ Երկնաւոր Երուսաղէմի դրան առջեւ մեր ոտքերը արդէն կեցած են, կ'ըսէ սաղմոսերգուն։

Ապա Նորին Սրբութիւնը վերակոչեց 2009-ին մահացած բոլոր կարտինալները, արքեպիսկոպոսներն ու եպիսկոպոսները։ Անոնց անձերուն մէջ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, կ'ուզենք ճանչնալ այն հաւատարիմ ծառաները, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին Աստուծոյ փառքին ու եկեղեցւոյ պայծառութեան համար, Քրիստոսի առաջնորդելով հաւատացեալները ու քարոզելով Աւետարանը բարի կամք ունեցող բոլոր մարդերուն։ Արդարներու հոգիները կը գտնուին Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ։ Այս զգացումներով լեցուած, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, կ'ուզենք Աստուածային ողորմութեան յանձնարարել հոգիները կարտինալներուն, արքեպիսկոպոսներուն ու եպիսկոպոսներուն, որոնց հետ միասին աշխատեցանք Աստուծոյ Այգիին մէջ, որպէսզի Տէրն Աստուած զանոնք ընդունի իր Արքայութեան մէջ ու անոնց շնորհէ խոստացուած վարձատրութիւնը։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով ՜՜Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը,անոնց առջեւ բանայ դրախտի դուռը եւ իր մայրական օգնութեամբ մեզ առաջնորդէ դէպի երկինք՝՝։



 


  « Ետդարձ դէպի նիւթերու ցանկ

 


Ունկնդրութիւն

եւ Հրեշտակ

Տեառն

09/11/2009 15.01.10
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


07/11/2009 14.15.13
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի հուական այցելութիւնը Իտլաիոյ Պրեշեա թեմին։


06/11/2009 13.40.29
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


04/11/2009 14.05.09
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


03/11/2009 13.20.09
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան տեղեկութիւններ



Առընչաքից դասակարգեր


Նախորդ
  էջ  Նախորդ էջ
Սկզբնաէջը  Սկզբնաէջը
Գրէ'
  խմբագրութեան  Գրէ' խմբագրութեան
top
top
All the contents on this site are copyrighted ©. Webmaster / Credits / Legal Conditions
top
top