ՍկզբնաէջըՎատիկանի
  Ձայնասփիւռ
Վատիկանի
  Ձայնասփիւռ  

Դասակարգումներ

  Սէր եւ զօրութիւն


  Եկեղեցի


  Մշակոյթ եւ    ընկերութիւն


  Վատիկանեան
   վաւերագրեր



  Համամիութիւն


  Սիւնոդոս


  Ընտանիք


  Երիտասարդներ


  Արդարութիւն եւ    խաղաղութիւն


  Քաղաքականութիւն


  Կրօնք եւ երկխօսութիւն


  Գիտութիւն եւ    բարոյագիտութիւն


  Ունկնդրութիւն եւ    «Հրեշտակ Տեառն»


  Առաքելական    ճամբորդութիւններ



cx_t16


 Սկզբնաէջը > Ունկնդրութիւն եւ Հրեշտակ Տեառն  > լուրեր


07/11/2009 14.15.13



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի հուական այցելութիւնը Իտլաիոյ Պրեշեա թեմին։






Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի հուական այցելութիւնը Իտլաիոյ Պրեշեա թեմին։

Կիրակի նոյեմբեր 8, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայպետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Պրեշեա թեմին եւ Գոնչեզիօ վայրը, ուր ծնունդ առաւ ու հասակ նետեց Աստուծոյ ծառայ Պօղոս Զ Քահանայապետը։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը կանգ կ'առնէ Վալվերտէ Պոթիչինի Սսերա կոչուած սրբավայրը, ուր պահուած են Սուրբ Արգանճելօ Թատինիի աճիւնները։ հայր Ռափայէլ Լիչիչի խօսելով Սրբազան Քահանայապետի հովուական այցելութեան մասին ըսաւ. Սրբազան Քահանայապետը ընդունիլ մեր ժողովրդապետութեան մէջ անկրկնելի փորձառութիւն մը պիտի ըլլայ։ Նորին Սրբութիւնը այս սրբավայրը կու գայ մեզի սորվեցնելու թէ ինչպէս պէտք է հետեւիլ սուրբ թատինիի, որ իր երկրաւոր կեանքին ընթացքին ուրիշ բայձանք մը չունէր եթէ ոչ բոլոր հոգիներ երկինք տանիլ։ Իսկ Պրեշեա թեմի առաջնորդը գերապայծառ Լուչիանօ Մոնարի խօսելով Սրբազան Քահանայապետի հովուական այցելութեան մասին ըսաւ. մեզի համար Քահանայապետին այցելութիւնը երկու նշանակութիւն ունի։ Առաջինը, բնականաբար հաղորդութիւնը որ ունինք Հռոմի Եկեղեցւոյ ու Քահանայապետին հետ։ Հռոմի Պապը Պրեշիա կու գայ իր պատգամը տալու, ասիկա կը նշանակէ թէ Պրեշիայի եկեղեցին անբաժան մէկ մաս մըն է կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ կը նշանակէ ընդունիլ Սուրբ Պետրոսի յաջորդի բեռնէն Աւետարանի քարոզութիւնը։ Ճիշտ է, որ Աւետարանը քարոզուած է Պրեշիայի ժողովուրդին, սակայն Աւետարանը լսել Ս. Պետրոսի յաջորդի բեռնէն այլ հմայք եւ կենսունակութիւն ունի։

Այցելութեան եկրորդ նշանակութիւնը զօրաւոր կապը որ կայ Պօղոս Զ Քահանայապետի եւ Պենետիկտոս ԺԶի միջեւ, որովհետեւ Պօղոս Զը եպիսկոպոս ընտրլեց Ջացինկեր Քահանայապետը եւ ապա կարտինալ նշանակեց։ Արդարեւ Պօղոս Զ մեծ յոյսեր դրած էր աստուածաբան Ռացինկերի վրայ։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը , որ Պրեշեայ կու գայ նաեւ ոգեկոչելու մեր մեծ քաղաքացին` Պօղոս Զը, մեզի համար առիթ է ուրախութեան, մխիթարանքի, ու հաւատքի վերանորոգումի։ Կ'ուզենք հաւատքի մեր վկայութիւնը տալ որ արժանավայել ըլլայ Պօղոս Զ Քահանայապետի։

Հուսկ գերապայածառ Լուչիանօ Մոնարի ըսաւ ուրախ ենք որ մեզի կարելիութիւն պիտի նտրուի անսալու Քահանայապետի ձայնէն Տիրոջ Աւետարանը, ճանչնալու իր անձին մէջ հաւատարմութիւնը Աւետարանի ապրումին յաչս ժամանակակից մշակոյթի։



Խազախիստանի հանրապետութեան նախագահին այցելութիւնը Վատիկան։

Ուրբաթ օրը, նոյեմբեր 6ին, Խազախիստանի հանրապետութեան նախագահ` տիար Նուրսուլթան Նազարպայեւ հանդիպում ունեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի եւ արտգործ նախարար գերապայծառ մանպերթիի հետ։

Խօսակցութիւններու ընթացքին, կը հաղորդէ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը, շոշափուեցան հարցեր հայող տնտեսական տագնապի, միջկրօնական երկխօսութեան ու խաղաղութեան զարգացումին։ Իսկ երկկողմանի տեսակէտով, գոհունակութեամբ ընդգծուեցաւ գոյացող բարի յարաբերութիւնները Ս. Աթոռի եւ Խազախիստանի հանրապետութեան միջեւ, ինչպէս նաեւ խաղաղ համակեցութիւնը զանազան կրօներու հաւատացեալներու միջեւ։


  « Ետդարձ դէպի նիւթերու ցանկ

 


Ունկնդրութիւն

եւ Հրեշտակ

Տեառն

10/11/2009 16.21.59
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խօսքը գաղթականներու ու փախստականներու ժողովին մասնակցողներուն.

՜՜Օտարականները հարստութիւն են եւ ոչ թէ հարց, հիւրընկալող երկրին համար՝՝։


09/11/2009 15.01.10
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


06/11/2009 13.42.06
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան տեղեկութիւններ



06/11/2009 13.40.29
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


04/11/2009 14.05.09
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը



Առընչաքից դասակարգեր


Նախորդ
  էջ  Նախորդ էջ
Սկզբնաէջը  Սկզբնաէջը
Գրէ'
  խմբագրութեան  Գրէ' խմբագրութեան
top
top
All the contents on this site are copyrighted ©. Webmaster / Credits / Legal Conditions
top
top